

Pour l'année en cours, le problème important de la rénovation des vitreux de la coupole de notre église âgée de 115 ans a été programmé, et dont le coût atteindra au minimum les 150.000 euros. Pour réunir cette somme, des centaines de fidèles de la région parisienne et d'ailleurs se sont groupés. Les noms de trois importants donateurs, Edouard Magakyan, Krikor Gazarian (du Venezuela) et la famille Arnekian sont déjà inscrits sur le marbre des bienfaiteurs de l'église.
Le Conseil paroissial de Paris et des environs, ainsi que son prêtre, expriment leur profonde reconnaissance à ces pieux donateurs, ainsi qu'aux autres, connus ou anonymes, et prient pour le bien-être et la santé des membres de leur famille.
Tant pour la rénovation de la coupole qu'en ce qui concerne d'autres problèmes, l'église a toujours besoin de bonnes volontés. Nous croyons à la Vérité des Saintes Écritures selon lesquelles " Dieu n'oublie pas vos œuvres et l'amour dont vous faites preuve en son nom " (Hébreux 6:10) .
Դարեր շարունակ հայկական եկեղեցիներու կենսագործունէութիւնը եւ բարօր ընթացքը ապահով եղած է շնորհիւ բարեպաշտ հայորդիներու նուէրներու եւ նուիրատուութիւններու։ Ապացոյցը` հարիւրաւոր զգեստները, եկեղեցական սպասներն ու պարագաներն են, որ կը գտնուին առաջնորդանիստ մեր Մայր Տաճարի մէջ։ Վերջին շրջանին Փարիզի Մայր Եկեղեցին հարստացած է նաեւ նոր պարագաներով, ինչպէս օրինակ Սուրբ Խորանի գեղեցկազարդ ծածկոցը Սուրբ Յարութեան պատկերով, որու ծախսը հոգեւոր հովիւի առաջարկով սիրայօժար ընդունեց Օզանեան ընտանիքը։
Առնէքեան ընտանիքն ալ իր կարեւոր լուման դրաւ եկեղեցին պատարագիչի նոր հողաթափերով հարստացնելու գործի մէջ։ Քիլիմլի ընտանիք, չխախտելով բազմամեայ աւանդոյթը այս տարի եւս յանձն առաւ կազմակերպելու եկեղեցւոյ գորգերու մաքրութիւնը, իսկ Ասատուրեան ընտանիքը ողջ մայիս ամսուան համար նուիրատուութիւն մը կատարեց` Սուրբ Սեղանը վարդերով զարդարելու համար։ Հիլտա Եոսմաեանի պատկերներու վերջին ցուցադրութիւնը կազմակերպելու առթիւ հեղինակը Փարիզի Ծուխին նուիրեց իր արուեստէն թանկարժէք 2 նմուշներ։
Վերջին 1 տարուայ ընթացքին մեկնարկած է 115-ամեայ մեր եկեղեցիի գմբեթի գունազարդ պատուհաններու վերանորոգման կարեւոր հարցը, որու ծախսը նուազագոյն 150.000€ պիտի արժէ: Պահանջուող գումարը հաւաքելու կոչին միացած են հարիւրաւոր հայորդիներ Փարիզէն եւ անոր տարածքէն դուրս։ Երէք խոշոր նուիրատուներու անունները` Եդուարդ Մաղաքեան, Գրիգոր Ղազարեան (Վենեզուելա) եւ Առնէքեան ընտանիք արդեն արձանագրուած են եկեղեցւոյ բարերարներու պատին վրայ։
Այս եւ միւս յայտնի եւ անյայտ նուիրատուութիւններու համար Փարիզի եւ Շրջակայքի Ծխական խորհուրդը եւ հոգեւոր հովիւը իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն բարեպաշտ նուիրատուներուն եւ կ'աղօթեն անոնց ընտանիքներու անդամներու բարօրութեան եւ քաջառողջութեան համար։
Ըլլայ գմբեթին նորոգութեան հարցը, ըլլան այլ տեսակ հարցեր, եկեղեցին միշտ կարիքն ունի օգնական ձեռքերու։ Հաւատացած ենք Աստուածաշնչեան ճշմարտութեանը, որ. «Աստուած չի մոռնար ձեր գործը, եւ այն սէրը՝ որ ցոյց տուիք իր անունին համար» (Եբր. 6։10):