ԵՍԱՅԻ (3:1-11)
1 Վասն զի ահա զօրքերու Եհովա ՏէրըԵրուսաղէմէն եւ Յուդայէն պիտի վերցնէ գաւազանը եւ ցուպը, Հացին բոլոր զօրութիւնն ու ջուրին բոլոր զօրութիւնը,2 Կտրիճն ու պատերազմող մարդը,Դատաւորն ու մարգարէն, գուշակութիւն ընողն ու ծերը,3 Յիսնապետն ու պատուաւոր մարդը,Խորհրդականն ու իմաստուն ճարտարապետը եւ հանճարեղ կախարդը։4 Անոնց վրայ մանուկները իշխան պիտի կարգեմ, Անոնց վրայ տղաք պիտի իշխեն։ 5 Ժողովուրդը՝ իրարմէ Ու ընկերը իր ընկերէն հարստահարութիւն պիտի կրեն. Մանուկները ծերերուն վրայ պիտի գոռոզանան Եւ անարգները՝ պատուականներուն։ 6 Այն ատեն մարդ իր հօրը տունէն եղող իր եղբայրը պիտի բռնէ ու ըսէ. «Դուն հանդերձ ունիս, Մեր վրայ իշխան եղիր Ու այս աւերակը քու ձեռքիդ տակ թող ըլլայ»։ 7 Այն օրը անիկա պատասխան պիտի տայ՝ ՝ ու ըսէ. «Ես առաջնորդ չեմ ըլլար, Վասն զի իմ տանս մէջ ո՛չ հաց կայ եւ ո՛չ հանդերձ. Զիս ժողովուրդին վրայ իշխան մի՛ կարգէք»։ 8 Քանզի Երուսաղէմ սասանեցաւ եւ Յուդա ինկաւ։ Վասն զի անոնց լեզուներն ու գործերը Տէրոջը դէմ են, Որպէս զի բարկացնեն անոր փառաւոր աչքերը։ 9 Անոնց երեսներուն տեսքը իրենց դէմ կը վկայէ Եւ իրենց մեղքերը Սոդոմի պէս կը յայտնեն, չեն ծածկեր։ Վա՜յ անոնց անձին, վասն զի իրենց վրայ չարիք բերին։ 10 Արդարին ըսէք թէ իրեն աղէկ պիտի ըլլայ. Վասն զի անոնք իրենց գործերուն պտուղը պիտի ուտեն։ 11 Վա՜յ անօրէնին, գէշ պիտի ըլլայ անոր, Վասն զի անոր ձեռքերուն գործերուն փոխարէնը իրեն պիտի տրուի։
ÉSAIE (3.1-11)
1Le Seigneur, l'Eternel des armées, Va ôter de Jérusalem et de Juda Tout appui et toute ressource, Toute ressource de pain Et toute ressource d'eau,
2Le héros et l'homme de guerre, Le juge et le prophète, le devin et l'ancien,
3Le chef de cinquante et le magistrat, Le conseiller, l'artisan distingué et l'habile enchanteur.
4Je leur donnerai des jeunes gens pour chefs, Et des enfants domineront sur eux.
5Il y aura réciprocité d'oppression parmi le peuple; L'un opprimera l'autre, chacun son prochain; Le jeune homme attaquera le vieillard, Et l'homme de rien celui qui est honoré.
6On ira jusqu'à saisir son frère dans la maison paternelle: Tu as un habit, sois notre chef! Prends ces ruines sous ta main! -
7Ce jour-là même il répondra: Je ne saurais être un médecin, Et dans ma maison il n'y a ni pain ni vêtement; Ne m'établissez pas chef du peuple!
8Jérusalem chancelle, Et Juda s'écroule, Parce que leurs paroles et leurs oeuvres sont contre l'Eternel, Bravant les regards de sa majesté.
9L'aspect de leur visage témoigne contre eux, Et, comme Sodome, ils publient leur crime, sans dissimuler. Malheur à leur âme! Car ils se préparent des maux.
10Dites que le juste prospérera, Car il jouira du fruit de ses oeuvres.
11Malheur au méchant! il sera dans l'infortune, Car il recueillera le produit de ses mains.
ՆԱՄԱԿ ՀՌՈՄԷԱՑԻՆԵՐՈՒՆ (11:13-24)
13Բայց ձեզի՝ հեթանոսներուդ կ՚ըսեմ. «Քանի որ հեթանոսներուն առաքեալն եմ՝ կը փառաւորեմ իմ սպասարկութիւնս, 14յուսալով բարի նախանձը գրգռել իմ մարմինէս եղողներուն, եւ փրկել անոնցմէ ոմանք»: 15Որովհետեւ եթէ անոնց մեկուսացուիլը աշխարհի հաշտութիւն եղաւ, հապա ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց վերստին ընդունուիլը, եթէ ոչ՝ կեանք մեռելներէն: 16Ուրեմն՝ եթէ երախայրիքը սուրբ է, նոյնն է նաեւ զանգուածը. ու եթէ արմատը սուրբ է, ուրեմն ճիւղերն ալ: 17Եթէ այդ ճիւղերէն ոմանք կտրուեցան, ու դո՛ւն՝ որ վայրի ձիթենի էիր, պատուաստուեցար անոնց մէջտեղ եւ հաղորդակից եղար անոնց հետ ձիթենիին արմատին ու պարարտութեան, 18մի՛ պարծենար ճիւղերուն դէմ: Իսկ եթէ պարծենաս, գիտցի՛ր թէ դո՛ւն չես որ կը կրես արմատը, հապա արմա՛տը՝ քեզ: 19Ուրեմն պիտի ըսես. «Ճիւղերը կտրուեցան՝ որպէսզի ես պատուաստուիմ»: 20Լա՛ւ. անոնք կտրուեցան անհաւատութեան պատճառով, ու դուն հաստատ մնացած ես հաւատքով: Մեծամիտ մի՛ ըլլար, հապա վախցի՛ր. 21որովհետեւ եթէ Աստուած չխնայեց բնական ճիւղերուն, գուցէ չխնայէ նաեւ քեզի: 22Ուրեմն տե՛ս Աստուծոյ քաղցրութիւնն ու խստութիւնը. խստութիւն՝ ինկածներուն հանդէպ, իսկ բարութիւն՝ քեզի հանդէպ, եթէ յարատեւես անոր քաղցրութեան մէջ. այլապէս՝ դո՛ւն ալ պիտի կտրուիս: 23Իսկ անոնք ալ պիտի պատուաստուին՝ եթէ չմնան իրենց անհաւատութեան մէջ, որովհետեւ Աստուած կարող է դարձեալ պատուաստել զանոնք: 24Քանի որ եթէ դուն կտրուեցար այն ձիթենիէն՝ որ բնութեամբ վայրի էր, եւ հակառակ բնութեան՝ պատուաստուեցար լաւ ձիթենիի մը վրայ, ա՛լ ո՜րչափ աւելի ասոնք՝ որ բնական ճիւղերն են, պիտի պատուաստուին իրենց սեփական ձիթենիին վրայ: