
Մեր Միութիւնը հոգեւոր զարգացումին առընթեր միշտ կարեւոր կը նկատէ նաեւ երիտասարդական ժամանցները, որուն որպէս արդիւնք շուրջ 30 երիտասարդներ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Սարգսեանի հետ միասին Յունիս 4-ին համախմբուած էին մարզական խաղի շուրջ. բոուլինգի մրցաշարը ընթացաւ ընկերային մթնոլորտի մէջ: Լաւագոյնները այս անգամ տղաներն էին՝ Էդգարը, Ժորժը եւ Բոգդանը:
Մարզական նոր նախաձեռնութիւն մըն ալ այս ամառ մեկնարկ առած է: Պարուհի Անուշիկ Մանուկեանի հետ միասին ամէն ուրբաթ երիտասարդ-երիտասարդուհիները քննարկումներէն առաջ եկեղեցւոյ սրահի մէջ կը սորվին հայկական ժողովրդական եւ ազգագրական պարեր՝ առողջ մարմնի մէջ դաստիարակելով նաեւ առողջ հայկական ոգին:
Արդէն աւանդութիւն դարձած է տարին քանի մը անգամ, յատկապէս Տաղաւար Տօներէն առաջ կազմակերպել մեր շատ սիրելի եկեղեցւոյ մաքրութիւնը: Յիսուսի Պայծառակերպութեան տօնին ընդառաջ շուրջ երեք տասնեակ երիտասարդներ համախմբուած էին օրհնաբեր այս ծառայութիւնը մատուցելու: Աստուած թող առատօրէն օրհնէ փարիզաբնակ մեր երիտասարդները եւ առատացնէ անոնց շնորհները, հաւատքը եւ կորովը: