«ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԱՐԴԱՑԱՒ,
ՈՐՊԷՍԶԻ ՄԱՐԴՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՆԱՅ»
Սբ. Աթանաս Աղեքսանդրացի
ՈՐՊԷՍԶԻ ՄԱՐԴՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՆԱՅ»
Սբ. Աթանաս Աղեքսանդրացի
Սիրելիներ, Աստուածային բիւր օրհնութիւնները հրեշտակային երգակցութեամբ արդէն 2016-րդ անգամ կը հեղուին երկիր մոլորակիս վրայ: Սուրբ Ծնունդ է, Քրիստոսի սուրբ ծնունդը, մեր Աստուծոյ ծնունդը... Աստուած, որ անծին է եւ անստեղծ, որ հզօրազօր է եւ անըմբռնելի, «եկն ի չափաւորութիւն», այսինքն՝ մարդացաւ: Ինչո՞ւ. մեզի վերադարձնելու կորսուած աստուածանմանութիւնը: Տէրը ցանկացաւ դէպի ինձ եւ քեզի գալ, մեզի Իրեն աւելի մօտեցնելու համար՝ «Աստուած մարդացաւ, որպէսզի մարդն աստուածանայ»: Այս է ճշմարտութիւնը եւ մեծագոյն աւետիսը Սուրբ Ծննդեան, որով կու գանք մեր օրհնեալ հայորդիները ողջունելու՝
եւ լսելու սիրտէն դէպի շուրթեր յորդող փառաբանութիւնը՝
«Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի»:
Սիրելիներ, այսօր Աստուած Իր ծնունդով նորէն առիթ կու տայ մեզի աղօթքի, խոկումի, վերապրումի մեր հայութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի: Սուրբ Ծնունդը հրաւէր մըն է Արեւելքի մոգերուն պէս ընթանալու դէպի մսուր-եկեղեցին՝ Փրկչին նուիրելու մեր «ոսկին, կնդրուկը, խունկը» եւ սիրտի խոնարհումով երկրպագելու Անոր, որպէսզի առատաբուխ շնորհներով եւ առաքինութիւններով զարդարուինք մենք եւ ընտանեաց մեր անդամները:
Կ՚աղօթենք, որպէսզի այս նոր տարուան մարդացեալ Աստուած ամէն մէկուս պարգեւէ հոգիի եւ մարմնի կատարեալ առողջութիւն, որպէսզի հաւատքի, յոյսի, սիրոյ եւ խաղաղութեան թագաւորութիւնը տիրէ աշխարհի բոլոր անկիւններուն. Ամէն:
Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ:
Տ. Յուսիկ քհնյ. Սարգսեան