Թուրէնի ուխտագնացութենէն վերադարձի ճանապարհին երկու երիտասարդներ՝ Խաչիկը եւ Վահէն, գովելով իրենց խոհարարական կարողութիւնները որոշեցին օր մը իրենց պատրաստած խորտիկները հրամցնել միութեան անդամներուն: Հոգեւոր հովիւ Տէր Յուսիկի հետ խորհրդակցելէ ետք որոշուեցաւ Սուրբ Համբարձումի օրը՝ Պատարագէն ետք փոքրիկ մրցոյթ մը կազմակերպել, որու դատակազմի անդամնրը պիտի ըլլային երիտասարդուհիները: Բարեբախտաբար, համադամ ճաշատեսակներով մեր գեղեցկուհիներին զարմացնելու գործին միացան նաև թիւով շուրջ 10 երիտասարդներ եւս:
Մայիս 14-ին կէսօրէ ետք «Նուրհան Ֆրէնկեան» սրահին մէջ շքեղ սեղան մը բացուած էր՝ զարդարուած երիտասարդներու պատրաստած ուտեստներով: Մրցակիցներէն իւրաքանչիւրը նախ ներկայացուց իր պատրաստած կերակուրը, ապա յանձնեց իգական սեռի ներկայացուցիչներու դատին: Այնուհետեւ օրը շարունակուեցաւ ուրախ երիտասարդական մթնոլորտի մէջ՝ լեցուն երգով, խինդով ու պարով:
Վերջաւորութեան միայն, երբ օրիորդները փոքրիկ պատուոյ գիրեր յանձնեցին մասնակից երիտասարդներուն, անկեղծօրէն խոստովանեցին, թէ չէին ակնկալեր, որ երիտասարդները այդչափ համեղ կը պատրաստեն: Ի շնորհակալութիւն երիտասարդներու մատուցած անակնկալին, երիտասարդուհիները ներկայացուցին գեղեցիկ կատակերգ մը, որու մէջ կը պատմուէր այդ օրուան ամբողջ եղելութիւնը: