
Քրիստոնէական կրօնքի ձեւաւորումէն իսկ սկսեալ նուիրապետական երեք աստիճաններ հաստատուեցան եկեղեցւոյ մէջ՝
սարկաւագ, քահանայ, եպիսկոպոս:
Եկեղեցական այս երեք աստիճաններէն կ՚ածանցուին միւս՝ ամուսնացեալ եւ կուսակրօն կղերական կարգերը, ինչէս օրինակ՝ վարդապետը, պատրիարքը կամ կաթողիկոսը:
Հոգեւորականներուն ողջունելու տարբերակները կարելի է բաժանել 2 մասի՝
Հոգեւորականներուն ողջունելու տարբերակները կարելի է բաժանել 2 մասի՝
- ամուսնացեալ քահանաներուն տրուող ողջոյն՝ ՕՐՀՆԵՑԷՔ ...
- կուսակրօն հոգեւորականներուն տրուող ողջոյն՝ ԱՍՏՈՒԱԾ ՕԳՆԱԿԱՆ ...
Նկատի առնելով կուսակրօն հոգեւորականներու՝ աբեղայ, վարդապետ, եպիսկոպոս, կաթողիկոս, կեանքի դժուարին եւ փորձութիւններով լի ընթացքը, հաւատացեալներ կ՚ողջունեն մաղթանքով մը՝ «Աստուած օգնական Հայր Սուրբ»՝ եթէ աբեղայ կամ վարդապետ է, «Աստուած օգնական Սրբազան Հայր»՝ եթէ եպիսկոպոս, արքեպիսկոպոս կամ պատրիարք է եւ «Աստուած օգնական Վեհափառ Տէր» կաթողիկոսի համար: Հազուադէպ կաթողիկոսի համար կը գործածուի նաեւ «Ծառայ եմ. Վեհափառ Տէր» տարբերակը: Ի պատասխան Աստուծոյ օգնականութեան մեր բարեմաղթանքին՝ կուսակրօն հոգեւորականը կը պատասխանէ՝ «Աստուած պահապան»: