La Fête de la Chandeleur ou Fête de la présentation de notre Seigneur Jésus Christ au temple est l’une des célébrations préférées de l’Eglise Arménienne et des croyants. Bien sûr, la fête religieuse va être appréciée tout d’abord par son contenu spirituel puis par son interprétation biblique. Cependant que peuple ancien, nous autres arméniens, nous avons des habitudes et traditions nationales, qui depuis cet ancien temps ont permis d’enjoliver les fêtes religieuses comme la fête de la Chandeleur. Rituellement aussi cette fête est particulière, puisque le jour qui le précède tombe toujours le 13 Février, jour de la première procession et bénédiction des champs de l’année dans les églises, ensuite les bougies des croyants présents sont
Nous croyons que de cette même manière, grâce à la conservation des traditions, dans la diaspora de France, il est possible d’accentuer plus qu’un peu les traits et l’identité arménienne.
Տեառնընդառաջը կամ Մանուկ Յիսուսը Տաճար ընծայելու տօնը Հայոց Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներուն սիրելի տօներէն մէկն է : Անշուշտ եկեղեցական տօնը սիրելի պիտի ըլլայ նախ իր հոգեւոր բովանդակութեամբ եւ տօնին աստուածաշունչ մեկնաբանութեամբ, սակայն որպէս հին ժողովուրդ՝ մենք՝ հայերս ունինք ազգային սովորութիւններ եւ աւանդութիւններ, որոնցմով հինէն ի վեր հայը զարդարած է եկեղեցական տօները՝ անոնց կարգին եւս Տեառնընդառաջը:
Ծիսականօրէն նաեւ Տեառնընդառաջը իւրայատուկ տօն է, քանի որ միշտ տօնին նախորդ օրը՝ Փետրուար 13-ին եկեղեցիներու մէջ կը կատարուի տարուան առաջին անդաստանը, ապա Սուրբ խորանէն իջեցուած լոյսով կը վառուին ներկայ հաւատացեալներու մոմերը՝ լուսաւորեալ հոգիով Քրիստոսին ընդառաջ երթալու որպէս նշան: Ժողովրդական սովորութեամբ այս նախատօնակէն վերջ նոյն լոյսով եկեղեցիներու բակերուն մէջ կը վառուի նաեւ խարոյկ, որու վրայով կը ցատկեն հաւատացեալները եւ յատկապէս նորապսակները: Անշուշտ խարոյկ վառելը կրնայ հնաւանդ ժողովրդական սովորութիւն մը ըլլալ, սակայն եկեղեցական մեկնաբանութեամբ կրակի վրայէն ցատկելը կը խորհրդանշէ կրակապաշտութիւնն ու կռապաշտութիւնը արհամարհել եւ ոտնահարել: Փոխարէնը՝ եկեղեցին կրակին շուրջ շրջիլը կ՛արգիլէ, որպէսզի չըլլայ թէ ժողովրդական աւանդութիւնը վերածուի պաշտամունքի:
Մենք կը հաւատանք, որ նմանօրինակ հայկական աւանդութիւններու պահպանման շնորհիւ ֆրանսական սփիւռքի մէջ կարելի է աւելի ընդգծել հայու դիմագիծը եւ ինքնութիւնը: