
Ստորեւ կը մատնանշենք քանի մը ճիշտ մօտեցումներ՝ բնաւ նպատակ չունենալով պախարակել ընթերցողը, այլ՝ մղել աղօթական ճիշտ կեցուածքի եկեղեցւոյ մէջ:
ա. Պատշաճ չէ եկեղեցւոյ մէջ խօսիլ բարձրաձայն եւ կամ առհասարակ խօսիլ աստուածապաշտութենէն դուրս նիւթերու մասին: Նախ աղմուկը կը խանգարէ աղօթողներուն եւ դպրաց դասին եւ ապա անարգանք է Աստուծոյ այն խօսքի հանդէպ, որ կը մատուցուի Պատարագի, ժամերգութեան կամ խորհրդակատարութեան ժամանակ:
բ. Հաւատացեալ մարդը պէտք է աղօթական կեդրոնացումով հետեւի ծէսի ընթացակարգին՝ ի պահանջել հարկին տեառնագրելով դէմքը, երկրպագութեամբ խոնարհելով, ձեռնամած կամ բազկատարած աղօթելով: Աղօթքը միշտ կը մատուցուի դէմքով դէպի խորան կեցուածքով. խորանը, ուր կան եկեղեցւոյ նուիրական սրբութիւնները եւ տէրունական պատկերը, խորհրդաբանօրէն կը համարուի Աստուծոյ գահը, ուրեմն եւ Աստուծոյ ներկայութեան խորհրդանիշը:
գ. Ընթացող արարողութիւններու եւ յատկապէս Սուրբ Պատարագի ընթացքին հարկ է խուսափիլ լուսանկարներ քաշելէ եւ հեռաձայնով զբաղելէ: Այսպիսով խուսափած կ՚ըլլանք մեր եւ ուրիշներու ուշադրութիւնը շեղելէ:
դ. Արարողութիւններու ընթացքին հարկ է ըստ անհրաժեշտութեան ոտքի կենալ. սովորաբար որպէս յարգանքի եւ երկիւղածութեան նշան ոտքի կը կենանք Տէրունական աղօթքի, Հաւատամքի, Սուրբ Աստուածի, Ողջոյնի, Սուրբ-Սուրբի, Սուրբ Երրորդութեան անունը լսելու ատեն: Անյարգալից կեցուածք կը նկատուի ոտքը ոտքին դրած նստիլը, ձեռքերը կրծքին վրայ խաչելը, ետեւը կամ գրպանը պահելը:
ե. Եկեղեցական արարողութիւններուն անհրաժեշտ է ներկայանալ ժամանակին եւ մասնկացիլ ամբողջապէս: Ուշանալու պարագային զբաղեցնել տեղը աննկատ եւ անաղմուկ՝ առանց միւսներու հետ ողջագուրուելու եւ զրոյցի բռնուելու:
զ. Եկեղեցի գալէն առաջ վայելուչ է հետեւիլ նաեւ հագնուածքին՝ բացառելու համար չափազանց բաց հագուստը կամ մարզազգեստը: Հնաւանդ սովորութեան համաձայն տղամարդիկ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ պէտք է ըլլան միշտ գլխաբաց, իսկ կանայք՝ գլուխները ծածկած: Իսկ թէ ինչո՞ւ, կը փորձենք հասկնալ գալ անգամ: