
Երբ թագուհին Երուսաղէմ կը հասնի, իր հարցուփորձերուն հետեւանքով կը գտնէ Յուդա անունով հրեայ մը, որուն յայտնի կ՚ըլլայ Խաչափայտին գտնուելու տեղը։ Յուդա երկար համառելէն վերջ ցոյց կու տայ մեծ աղբանոց մը, ուր մօտաւորապէս երեքհարիւր տարի առաջ նետուած պիտի ըլլար մեր Տիրոջ խաչափայտը։ Հեղինէ կը հրահանգէ եւ աշխատաւորներու մեծ բազմութիւն մը կը սկսին փորել հոն։ Երբ Հեղինէ կը տեսնէ թէ գործը դանդաղ կ՚ընթանայ իր գանձը բերել կու տայ եւ մէջէն ոսկիներ կը նետէ աղբանոցին մէջ ու կ՚ըսէ թէ՝ ով որ գտնէ պիտի տիրանայ ոսկիին։ Ուստի մարդիկ առաւել արագ կը սկսին փորել։
Ի վերջոյ կը յաջողին գտնել երեք խաչափայտեր, որոնցմէ մէկը Քրիստոսինն էր եւ միւս երկուսը Անոր հետ խաչուած աւազակներունը: Որպէսզի գտնեն բուն խաչափայտը, կը կանգնեցնեն նորոգ մեռեալ պատանիի մը մահուան թափորը եւ առնելով պատանիին անշունչ մարմինը կը դնեն խաչերուն վրայ։ Առաջինին ոչինչ կ՚ըլլայ։ Երկրորդին փոքր շարժում մը, իսկ երրորդին պատանին կը վերակենդանանայ։ Այսպէսով կը գտնեն Տիրոջ Խաչափայտը եւ զայն մեծ հանդէսով եւ ցնծութեամբ կը տանին Երուսաղէմի Սբ Յարութեան տաճարը։ Այս դէպքէն վերջ մինչեւ այսօր կը սկսին տօնել Խաչի Գիւտի տօնը։
Այս տարի Գիւտ Խաչի Տօնը Հայոց Եկեղեին կը տօնէ Հոկտեմբեր 28-ին: