jeudi 3 septembre 2015
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՄԻԱՒՈՐՈՒՄ (ՀԵԵՄ)
Փարիզի «Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ» երիտասարդաց միութեան անդամ Գոռ Հախվերդեան ՀՀ Հանրային Ռադիոյի եթերով կը խօսի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միաւորումի (ՀԵԵՄ) եւ Յուլիս ամսուայ սկիզբը համահայկական այդ երիտասարդական կառոյցի Գ. Պատգամաւորական ժողովի մասին: Ի դէպ, ժողովի ընթացքին Ֆրանսայի մեր ներկայացուցիչ Գոռը ընտրուեցաւ ՀԵԵՄ փոխատենապետ եւ Եւրոպայի եկեղեցասէր հայ երիտասարդներու համակարգող, որու համար ջերմ շնորհաւորանքներ կը յղենք մեր սիրելի եղբօր եւ կը մաղթենք հաւատաւոր եւ անբեկուն ընթացք առաքելութեան մէջ: Հարցազրոյցը կրնաք ունկնդրել 5:15 վայրկեանէն: