
Փորձառութեան փոխանակման աննախադէպ առիթ մը ունեցան թուով շուրջ 15 երիտասարդ դպիր-դպրացուներ, որոնք Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեանի նախաձեռնութեամբ իրենց հոգեւոր հովիւներու հետ Յուլիս 17-18ին հիւրընկալուեցան Նորմանդիի գողտրիկ անկիւնի մը մէջ՝ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ աղօթական րոպէներ անցնելու, հետեւելու իրենց կոչումին իմաստը բացայայտող կարճ դասախօսութիւններու եւ պարզապէս, իրարու հետ շփուելու եւ աւելի մօտ ըլլալու համար:

Խորանի երիտասարդ սպասաւորներու օրը յագեցած եղաւ նաեւ մարզական խաղերով, ովկիանոս եւ Լիզիէօի ուխտատեղի բազիլիք այցելութեամբ, առատաձեռն հիւրասիրութեամբ, որ ընթացիկ ծախսերուն հետ մեծահոգաբար յանձն առած էր բարեշնորհ Սարգիս սրկ. Պետոյեան։
Ֆրանսահայերու մօտ որպէս նման նախաձեռնութեան երախայրիք՝ հոգեւոր-կրթական այս առանձնացումը իրապէս փայլուն, ոգեւորիչ ընթացք ունեցաւ։ Լիայուսօրէն կը սպասենք համաթեմական այսօրինակ ծրագրի մը, որ Սրբազան Հայրը խոստացաւ ապագային կեանքի կոչել:
Նոր Յառաջ
(Թիւ 811)