Տեղեկացնենք, որ ներկայիս եւս աշխատանքներ կը տարուին նոր ծրագիրներու իրականացման համար:
Ծաղկազարդի տօնը Հայոց Եկեղեցւոյ մէջ վերջին տարիներուն Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ ճանաչուած է որպէս «Մանուկներու օրհնութեան օր»: Այդ օր 40-օրեայ պահքէն վերջ առաջին անգամ կը բացուի խորանի վարագոյրը, հաղորդութիւն կը տրուի հաւատացեալներուն, իսկ Պատարագէն վերջ կը կատարուի փոքրիկներու օրհնութիւնը:
Այս տարի Ծաղկազարդը Մարտ 29-ին էր: Եւ քանի որ օրը կապուած է ծաղիկներու հետ, երիտասարդաց միութեան անդամ-անդամուհիները որոշեցին պզտիկներու հետ միասին պատրաստել 100-ամեակի խորհրդանիշ Անմոռուկ ծաղիկը: Նախօրէին գնուեցան գունաւոր թուղթեր եւ մատիտներ, սոսինձ եւ մկրատ, պատրաստուեցան ծանուցողական թերթիկներ: Մարտ 29-ին մանուկներու օրհնութենէն վերջ եկեղեցւոյ Նուրհան Ֆրէնկեան սրահի մէջ երիտասարդները նախ եկեղեցւոյ մանուկներուն ծանօթացուցին անմոռուկի խորհրդաբանութիւնը, ապա միասին պատրաստելով ծաղիկը զայն անցուցին ծրարներու մէջ՝ որպէսզի փոքրիկները նուիրեն իրենց ծնողներուն:
Անմոռուկին հետ միասին պահարաններու մէջ ծնողքը կը գտնեն նաեւ տեղեկատուական թերթիկներ հետեւեալ բովանդակութեամբ՝Այս տարի Ծաղկազարդը Մարտ 29-ին էր: Եւ քանի որ օրը կապուած է ծաղիկներու հետ, երիտասարդաց միութեան անդամ-անդամուհիները որոշեցին պզտիկներու հետ միասին պատրաստել 100-ամեակի խորհրդանիշ Անմոռուկ ծաղիկը: Նախօրէին գնուեցան գունաւոր թուղթեր եւ մատիտներ, սոսինձ եւ մկրատ, պատրաստուեցան ծանուցողական թերթիկներ: Մարտ 29-ին մանուկներու օրհնութենէն վերջ եկեղեցւոյ Նուրհան Ֆրէնկեան սրահի մէջ երիտասարդները նախ եկեղեցւոյ մանուկներուն ծանօթացուցին անմոռուկի խորհրդաբանութիւնը, ապա միասին պատրաստելով ծաղիկը զայն անցուցին ծրարներու մէջ՝ որպէսզի փոքրիկները նուիրեն իրենց ծնողներուն:
Ծաղիկ իմ սիրտէն
100 տարի առաջ Հայ Ազգի 1.500.000 ներկայացուցիչներ, իրենց հայրենի հողի վրայ դառնալով թուրքական ատելութեան զոհ, ցեղասպանութեան ենթարկուեցին: 100 տարի անցած է, բայց ճշմարտութիւնը և արդարութիւնը դեռեւս ամբողջովին չեն բարձրաձայնուած: 100 տարի անցած է, բայց հայը չէ մոռցած եւ չէ դադրած պահանջելէ... Այս ծաղիկը, որ հայերէնով և աշխարհի շատ լեզուներով կը կոչուի «մի մոռնար», Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի խորհրդանիշն է: Այս ծաղիկ մ՚է իմ սիրտէն, որու մէջ սեւ գոյնը կը խորհրդանշէ Մեծ Եղեռնի սարսափն ու ցեղասպանութեան մասին յիշողութիւնը, դեղինը կը պատկերէ լոյսը, որ ապրելու եւ արարելու յոյս կու տայ: Ներսի ճառագայթաձեւ բաց մանիշակագոյնը կը խորհրդանշէ Ցեղասպանութեան դատապարտումին ու ճանաչումին մասնակից լինելը: Իսկ գերակշռող մանուշակագոյնը, որ հայի հաւատքի գոյնն է, ծաղկի 5 թերթերով կը խորհրդանէ ցեղասպանութեան պատճառով աշխարհի 5 մայրցամաքներու, այդ թւում ու Եւրոպայի ու Ֆրանսայի մէջ հաստատուած հայերը: Ես կը միանամ 1.500.000 հայերու ձայնին, ես կը միանամ 10.000.000 հայերուն ողջ աշխարհի մէջ՝
Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ:
Այս փորքիկ նախաձեռնութեանը իր անդրադարձը ունեցաւ նաեւ «Շողակաթ» հեռուստաընկերութիւնը: