- Ան, որ կը փափաքի հաղորդ ըլլալ Քրիստոսի Մարմինին եւ Արեանը, անպայմանօրէն պէտք է ըլլայ մկրտուած եւ դրոշմուած՝ այդ ձեւով փաստելով նաեւ իր քրիստոնեայ ըլլալը:
- Հաղորդուելէն առաջ անհրաժեշտ պայման է մեղքերու խոստովանութիւնը եւ արձակումը օծեալ հոգեւորականի մը կողմէ՝ Ս. Երրորդութեան անունով:
- Հաղորդութեան անհարաժեշտ է մօտենալ դատարկ ստամոքսով, այսինքն՝ ծոմապահութեամբ, առանց որեւէ բան ուտելու (բացառութիւն են մանուկները, հիւանդները եւ յղիները):
- Հաղորդութեան մօտեցող քրիստոնեան պէտք է նախապէս քննէ իր ներաշխարհը՝ հասկնալու համար արդեօք ինք արժանի՞ է Տիրոջը մոտենալու, արդեօք ինք ներա՞ծ է իր թշնամիներուն, արդեօք ըստ ամենայնի կը հաւատայ եւ կ'ընդունի՞, որ այն ինչ պիտի ճաշակէ քահանայի ձեռքէն Քրիստոսի մարմինը եւ արիւնն է. «Եթէ քու ընծադ զոհասեղանին վրայ բերես, ու հոն յիշես թէ եղբայրդ բա՛ն մը ունի քեզի դէմ, հո՛ն ձգէ ընծադ՝ զոհասեղանին առջեւ. նա՛խ գնա՝ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ, եւ ա՛յն ատեն եկուր՝ որ մատուցանես ընծադ» (Մատթ. Ե 23-24):
- Յոյժ ցանկալի է, որ Ս. Հաղորդութեան մօտեցող քրիստոնեան Պատարագի սկիզբէն մինչեւ աւարտ ներկայ ըլլայ եկեղեցւոյ մէջ եւ աղօթէ ջերմեռանդօրէն:
«Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Եթէ չուտէք մարդու Որդիին
մարմինը ու չխմէք անոր արիւնը, կեանքը չէք ունենար ձեր մէջ”: Ո՛վ որ կ՚ուտէ իմ մարմինս եւ կը խմէ իմ արիւնս՝ ունի յաւիտենական կեանքը, ու ես պիտի յարուցանեմ զայն՝ վերջին օրը. որովհետեւ իմ մարմինս ճշմա՛րտապէս կերակուր է, եւ իմ արիւնս՝ ճշմա՛րտապէս խմելիք: Ա՛ն որ կ՚ուտէ իմ մարմինս ու կը խմէ իմ արիւնս՝ անիկա՛ կը բնակի իմ մէջս, եւ ես՝ անոր մէջ» (Յովհ. Զ 53-56):
