Քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիները, որոնց շարքին եւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, Քրիստոսի Յարութեան տօնէն ճիշտ 40 օր վերջ կը տօնախմբեն Տիրոջ Համբարձումի Տօնը (այս տարի՝ մայիս 30). Սուրբ Աւետարանը այս մասին կը գրէ.
Համբարձումի տօնի հետ կապուած Հայոց անդաստանի մէջ բազմաթիւ աւանդութիւններ եւ ժողովրդական սովորութիւններ ունեցած ենք, որոնք տակաւին փոքրիշատէ կը գործածուին Հայաստանի մէջ։ Անոնցմէ ամենայայտնին «Վիճակն» է, տօնական խաղիկ մը, որու միջոցաւ երիտասարդները կը փորձեն իմանալ իրենց ընտրեալի անունը կամ բնութագիրը: Այդ օրը կ՚երգուին ժողովրդական երգեր, ինչպիսին յայտնի «Համբարձում եայլա»ն է, իսկ եկեղեցական շարականն է «Համբարձաւ Տէրն մեր», որ կը կատարուի Համբարձումի տօնական բոլոր 10 օրերուն։
Տօնի օրը կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ, իսկ աւարտին՝ Մաղթանք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, քանի որ 1441թ. ճիշտ Համբարձումի տօնին էր, որ Կաթողիկոսական Աթոռը դարաւոր դեգերումներէ վերջ վերահաստատուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, այնտեղ, որտեղ Սուրբ Լուսաւորիչ հաստատած էր Սուրբ Թադէի գահը եւ «Համայն հայութեան Երուսաղէմը»:
«Քրիստոս ինքզինք ողջ ցոյց տուաւ անոնց իր չարչարանքներէն ետք՝ շատ ապացոյցներով, քառասուն օր տեսնուելով անոնցմէ եւ խօսելով Աստուծոյ թագաւորութեան մասին: Անոնց հետ եղած ատեն հրամայեց անոնց՝ որ Երուսաղէմէն չհեռանան, հապա սպասեն Հօրը խոստումին՝ «որ ինձմէ լսեցիք», ըսաւ. «որովհետեւ իրաւ է թէ Յովհաննէս մկրտեց ջուրով, բայց դուք՝ շատ օրեր չանցած՝ պիտի մկրտուիք Սուրբ Հոգիո՛վ»:Տօնի խորհուրդը մեզի կը բացայայտէ Անմահ Աստուծոյ սէրը մահկանացու մարդոցս հանդէպ. երկինք երթալով եւ մեզմէ բաժնուելով Տէրը մեզի «որբ չի ձգեր», այլ խոստում կուտայ վերադառնալու եւ հովուելու Իրեն հաւատարիմ մնացած հօտը։
Անոնք ալ համախմբուելով՝ հարցուցին իրեն. «Տէ՛ր, այս ժամանակի՞ն պիտի վերահաստատես Իսրայէլի թագաւորութիւնը»: Ըսաւ անոնց. «Ձեզի չի վերաբերիր գիտնալ ժամանակներն ու ատենները, որ Հայրը իր իշխանութեան մէջ դրաւ. բայց Սուրբ Հոգիին ձեր վրայ եկած ատենը՝ զօրութիւն պիտի ստանաք, եւ ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ, ամբողջ Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ երկրի ծայրերը»:
Երբ խօսեցաւ այս բաները, մինչ կը նայէին՝ համբարձաւ, եւ ամպ մը վերցուց զայն անոնց աչքերէն: Մինչ ակնապիշ կը նայէին դէպի երկինք՝ երբ ան վեր կ՚ելլէր, ահա՛ երկու մարդիկ՝ ճերմակ տարազով՝ կայնեցան իրենց քով եւ ըսին. «Գալիլեացի՛ մարդիկ, ինչո՞ւ կայնած՝ կը նայիք դէպի երկինք. այս Յիսուսը՝ որ երկինք համբարձաւ ձեզմէ, նո՛յնպէս պիտի գայ՝ ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը»(Գործք 1.3-12):