samedi 31 mai 2014
UN PELERINAGE INOUBLIABLE EN TERRE SAINTE
Grâce aux efforts et à l’excellente organisation du Comité des Dames de la Cathédrale Saint-Jean Baptiste de Paris, notre avion a décollé le 23 Mai 2014 vers Tel- Aviv, en Terre Sainte pour un séjour de 9 jours. Pour notre groupe d’une trentaine de personnes c’était le début d’un pèlerinage inoubliable en contact avec l’histoire, empli de bénédictions et d’expériences spirituelles. Le lendemain nous nous sommes mis en route pour le lac de Tibériade et la Galilée, sites témoins de l’histoire biblique, des miracles et de la Foi. Les villes et sites bibliques se sont succédés. Césarée, Cana, Nazareth, Mont Thabor, Jourdain, Béthleem … Pendant le trajet nous avons prié, chanté, c’était la joie ! Pendant tout le trajet nous avons pris beaucoup de photos-souvenirs. Près de chaque lieu biblique, le Père Houssig Sarkissian a lu les passages des évangiles en rapport avec ces endroits en les commentant et en prêchant.
Labels:
Comite des Dames,
français,
Jérusalem,
Pelerinage,
photo,
Terre Sainte
mercredi 28 mai 2014
ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿԻՐ
Փարիզի Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբի երկարամսեայ ջանադիր աշխատանքի շնորհիւ մեր օդանաւը Մայիս 23-ին վայրէջք կատարեց Իսրայէլի մայրաքաղաք Թել Աւիւ: Երեսուն հոգիէ բաղկացած ուխտաւորներուս խումբին կը սպասէր իննօրեայ հրաշալի ճամբորդութիւն` լեցուն հոգեւոր ապրումներով եւ պատմութեան հաղորդակից դառնալու հիացմունքով: Յաջորդ օրն իսկ ճամբայ ելանք դէպի Տիբերիա եւ Գալիլիա, վայրեր՝ ուր աստուածաշնչական պատմութիւնը, հրաշքը, իրականութիւնն ու հաւատքը կը միահիւսուին իրարու: Քաղաքներն ու սուրբգրային վայրերը կը հետեւէին մէկը միւսին` Յոպպէ, Կեսարիա, Կանա, Նազարէթ, Թաբոր, Յորդանան, Բեթղեհէմ... Ճանապարհը կ'անցնի աղօթքով, երգերով եւ ուրախութեամբ: Ուխտաւորները բոլոր սրբավայրերուն մէջ կը նկարուին որպէս յիշատակ: Բոլոր սրբավայրերուն քով Տէր Հայրը կը կարդար Աստուածաշունչի համապատասխան հատուածը եւ մեկնաբանութիւններ կ՚ընէր: Որոշ տեղեր հաւատացեալ ուխտաւորներ իրենք աղօթական նախաձեռնութիւն կ'ունենային, ինչպէս՝ Տէր Ողորմեայի եւ Սուրբ Աստուածի խմբային կատարումները Պայծառակերպութեան եկեղեցւոյ մէջ: Հետաքրքրական է, որ Կանա քաղաքին մէջ, ուր Յիսուս ջուրը գինիի վերածելով օրհնած էր հարսանիք մը, ուխտաւորներ եւս օրհնութիւն ստացան. Տեր Յուսիկ քհն. Սարգսեան օրհնեց բոլոր ամուսնացած զոյգերը, սէր եւ խաղաղութիւն մաղթելով ընտանիքի մէջ, իսկ ամուրիներուն` սիրող կէսի ձեռբերում եւ Աստուածային օրհնութիւն:
Labels:
arménien,
Comite des Dames,
Jérusalem,
photo,
Terre Sainte,
Երուսաղէմ,
Ուխտագնացութիւն
Inscription à :
Articles (Atom)